Ներքին Գետաշէն կամ Ներքին Ատիյաման պատմական Սիւնեաց նահանգի Գեղարքունիքի գաւառի Կոթ գիւղաքաղաքն է: Կոթ քարավանական ճամբաներու կարեւոր հանգոյց եղած էր 9-րդ – 11-րդ դարերուն, առեւտուրի եւ արհեստներու կեդրոն: Բայց երբ 1830-ի գարնան հոս հաստատոեցան Արեւմտահայաստանի Ալաշկերտ գաւառի Ալաշկերտ կամ Թոփրաղ Ղալա գիւղաքաղաքէն գաղթող բնակիչները, գիւղաքաղաքը գրեթէ ամայի էր:


Ներքին Գետաշէնի միջով կ՛անցնի Արգիճի գետը որմէ օգտուելով հին ժամանակներուն 5 ջրաղացներ գործեր են բայց որոնք արդէն քանդուած էին 1830-ին:
Ալաշկերտցիներէն մէկը, Թաթոսն էր, Թաթոյան ընտանիքի նախնին, որ կառուցեց առաջին ջրաղացը Կոթավանքի բարձունքիn տակ: Աւելի ուշ Թաթոյանները կառուցեցին եւս երկու ջրաղացներ, որոնք այսօր չկան:
1988-ին, 150 տարի առաջ Թաթոսի կառուցած առաջին ջրաղացը փլուզումէ կ՛ազատեն Աշոտ եւ Սւէթ Թաթոյանները, վերանորոգելով ինչ որ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ էր:

.jpg)
Աշխատանքը կը շարունակեն Մէջլումն ու Արտաշը, Աշոտի տղաները:



Վերջապէս 2019-ին վերանորոգման աշխատանքները կը վերջանան, NABU-ACBA Fédération-ի օգնութեամբ:
Այսոր 190 տարեկան ջրաղացը կրկին կը գործէ: Իր կողքին կը գտնուի Թաթոյան ընտանիքի հիւրատունը:





